2012-10-01 13:20:21

Սայտայի Մար Եուսեֆ Եկեղեցին` Կրակոցի Թիրախ.(Լիբանան)


Շաբաթ կէս գիշերին անծանօթ զինեալներ մուտք գործած են Սայտայի Պքասթա գիւղաքաղաքի Մար Եուսեֆ եկեղեցին եւ իրենց գնդացիրներով կրակ բացած են եկեղեցիին վրայ` հսկայ վնասներ պատճառելով անոր:
Ներքին ապահովութեան ուժեր եկեղեցի ուղղուելով , հետաքննութիւն բացած են բացայայտելու համար յանցագործները:
Աւելի ուշ յայտնուած է որ որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը իր կարգին հետաքննութիւն բացած է Մարոնի համայնքին պատկանող այդ եկեղեցւոյ դէմ գործուած բռնարարքին առնչութեամբ:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի խստիւ դատապարտած է միջադէպը եւ նշած որ Աղօթավայրերը թիրախ դարձնող այս արարքները կը նպատակադրեն թիրախ դարձնել նաեւ Սայտան ու անոր ներկայացուցած ազգային միասնականութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.